2016-07-27 14:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ դէպի Քրաքովիա` հաւատքի եւ եղբայրութեան հաւաք։


(Ռատիօ Վատիկան) Դէպի Քրաքովիայ տանող թռիչքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութեան համաձայն հեռագիրեր յղեց այն երկիներու նախագահներուն որոնց օդային տարածքին վրայէն սաւառնեցաւ այդ երկիրներու բնակչութեան փոխանցելով իր ամենաբարի մաղթանքները։ Բացի Իտալիայէն Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը սաւառնեցաւ Խրուաթիայի, Սլովենիայի, Աւստրիայի, եւ Սլովաքիայի վրայ։  Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահին յղած իր պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց թէ Լեհաստան կը մեկնի Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան առթի. ոգեւորուած այն իղձով` հանդիպելու համայն աշխարհէն եկող երիտասարդներուն , նշանակալից մէկ հաւաքի մը ընթացքին, որ յատկանշուած է հաւատքով եւ եղբայրութեամբ։  Սրբազան Քահանայապետը ապա բոլոր Իտալացի ազգին մաղթեց խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.